Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումի վայրէն լուսանկար Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումի վայրէն լուսանկար 

Լիբանանահայերուն օգնելու համար Հայաստան հիմնադրամը հաւաքած է առաւել քան 195 հազար տոլար

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխելու փափաք յայտնողները բոլոր պայմաններով ապահովելու պատրաստակամութիւն կայ

էյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն տուժած լիբանանահայերուն օգնելու համար, “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամը հանգանակած է արաւել քան 195 հազար տոլար։ Այս մասին առցանց քննարկման ընթացքին յայտարարեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

«Պայթումէն օրեր անց հիմնադրամին մէջ ստեղծուեցաւ հաշուեհամար, ուր արդէն 195 հազար տոլարից աւելի գումար ունինք հաւաքուած: Հայաստանի մէջ տարբեր գործարարներ եւ դրամատնային համակարգը սատար կանգնեցան մեզի եւ գումարներ փոխանցեցին հիմնադրամի հաշուեհամարներուն»,- դիտել տուաւ Արշամեան:

Ան նշեց, որ այժմ քննարկումներ կը կատարուին, որպէսզի յստակացուին Լիբանանի հայ համայնքին կարիքները:

«Գուցէ, կրթական ոլորտին փորձենք ուղղել մեր գումարները, բայց վերջնական եզրակացութեան պիտի գանք քանի մը օրուան ընթացքին», նշեց Արշամեան:

Ան նաեւ խոստացաւ օգնել այն լիբանանահայերուն, որոնք Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու փափաք ունին: «Եթէ Լիբանանում բնակուող մեր հայրենակիցներէն որեւէ մէկը կը ցայկայ բնակութիւն հաստատել Արցախի մէջ, ես անձամբ այդ հարցը կը լուծեմ»,- նշեց Արշամեան:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխելու փափաք յայտնողները բոլոր պայմաններով ապահովելու պատրաստակամութիւն կայ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 09:25