Որոնել

Համաճարակը կը շարունակէ տարածուիլ Համաճարակը կը շարունակէ տարածուիլ 

Քովիտ19 ժահրէն վարակուողներուն թիւը գերազանցեց 18 միլիոնը։

Առողջապահութեան Միջազգային կազմակերպութիւնը կը հաստատէ թէ համաճարակը տակաւին կը շարունակէ տարածուիլ ու պիտի տեւէ երկար ժամանակ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Աշխարհի մէջ Քովիտ19 ժահրէն վարակուածներուն թիւը գերազանցեց 18 միլիոնը։  Թիւը օրէ օր կ՛աճի առօրեայ 300.000 նոր պարագաներով։ Վարակուածներուն ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներուն ու Պրազիլի մէջ մինչ Առողջապահութեան Միջազգային կազմակերպութիւնը կը հաստատէ թէ առողջապահական արտակարգ դրութիւնը տակաւին չէ դադրած ու թէ համաճարակը տակաւին կը շարունակէ տարածուիլ ու պիտի շարունակէ երկար ժամանակ։

Ինչ կը հայի Հայաստանին՝  օգոստոսի 3-ի դրութեամբ հաստատուած են  վարակման 52 նոր դէպք, եւ այսպէսով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած  է 39.102-ի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2020, 10:29