Հայաստանի արտգործ նախարարութեան շէնքը։ Հայաստանի արտգործ նախարարութեան շէնքը։ 

Հայաստան միացաւ Կրօնական ազատութեան միջազգային դաշինքին` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ յայտարարութեան

«Նոյնիսկ համավարակի ընթացքում պետութիւնները հաշուետու են իրենց կողմից ստանձնած պարտաւորութիւնների եւ յանձնառութիւնների համար` երաշխաւորելու յարգանքը մարդու իրաւունքների, այդ թւում կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ, որոնք յոյժ կարեւորութիւն են ձեռք բերում ազգային ճգնաժամերի ժամանակ` խրախուսելով համավարակի կառավարման ուղղութեամբ ակտիւ ջանքերի գործադրումը»։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան միացաւ Կրօնական ազատութեան միջազգային դաշինքի` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ յայտարարութեան:Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

«Ճգնաժամը, որին բախուել է միջազգային հանրութիւնը, այլեւս գլոբալ բնոյթ է կրում, եւ COVID-19-ի հասցէագրմանն ուղղուած որեւէ միջոցառում չպէտք է ծառայի որպէս հասարակութեան որեւէ անդամի, ներառեալ մարդու իրաւունքների պաշտպաններին, լրագրողներին եւ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներին լռեցնելու, թիրախաւորելու կամ հալածելու արդարացում:

«Նոյնիսկ համավարակի ընթացքում պետութիւնները հաշուետու են իրենց կողմից ստանձնած պարտաւորութիւնների եւ յանձնառութիւնների համար` երաշխաւորելու յարգանքը մարդու իրաւունքների, այդ թւում կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ, որոնք յոյժ կարեւորութիւն են ձեռք բերում ազգային ճգնաժամերի ժամանակ` խրախուսելով համավարակի կառավարման ուղղութեամբ ակտիւ ջանքերի գործադրումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 07:54