Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդ եւ հիւանդապահ Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդ եւ հիւանդապահ 

Հայաստանի Մէջ Կայ «Քորոնա» ժահրով Վարակուածներու Թիւի Զգալի Նուազում

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 52 նոր պարագաներ եւ 111 ապաքինածներ։

 3 Օգոստոսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 39,102ի, որոնցմ 29,861ը ապաքինած է: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:

Ներկայիս բուժման կ՛ենթարկուին 8251 հիւանդներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 394 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 167,095 քննութիւններ: Այսպիսով, մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 52 նոր պարագաներ եւ 111 ապաքինածներ: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու 762 (աւելցած է 8ով) պարագաներ արձանագրուած են:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 10:59