Պուլկարիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Պուլկարիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին  

Պուլկարիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը նշէ իր հիմնադրութեան 400 -րդ տարեդարձը

Սուրբ Աստուածածինը Պուլկարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին կը համարուի:

Պուլկարիոյ Սիլիստրա քաղաքի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին 400 տարեկան է:

«Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Պուլկարիոյ լրատուական գործակալութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աստուածածինը Պուլկարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին կը համարուի: Տարիներ առաջ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերուած է կառուցման թուականը նշող քարէ սալիկը:

Եկեղեցւոյ գմբեթը եզակի է իր որմնանկարներով, որոնք, հետազօտողներու կարծիքով, հազուագիւտ առանձնայատկութիւն են հայկական եկեղեցիներու համար: Այլ իւրայատկութիւն մը եւս ունի ան․  եկեղեցւոյ հարաւային եւ հիւսիսային կողմերու կեդրոնական աշտարակներու վերեւը գտնուող անցքերը, որոնք կը ծառայեն ձայնի ակուստիկայի բարելաւման համար:

Պատերը ծածկուած են կրօնական իւղով ստեղծուած նկարներով, որոնցմէ շատերուն հեղինակը սիլիստրացի նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանն է:

Եկեղեցին կը գտնուի մօտ 180 քմ մակերեսով բակի մը մէջ, ուր կան նաեւ քահանայի համար փոքրիկ տնակ եւ շէնք մը, ուր առաջ կը գործէր հայկական դպրոցը, իսկ այժմ կը գտնուի հանրային կեդրոնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը, որ նախագծած է Տիրան Աբելեան։

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 10:13