Որոնել

Հայաստան, Քորոնա Վիրուս Հայաստան, Քորոնա Վիրուս 

Ասիական զարգացման դրամատունը 2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ բժշկական պարագաներու ձեռքբերման համար

Դրամաշնորհի միջոցները առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի նպատակաուղղէ «Քորոնա»ի վարակի ծիրին մէջ համապատասխան բժշկական պարագաներու եւ սարքերու ձեռքբերման՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ բնակչութեան բժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկումը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ «Քորոնա» ժահրին վարակման արձագանգման ծրագիրին դրամաշնորհային համաձայնագիրի ստորագրութեան առաջարկին: 

Ունկնդրէ լուրը

Կառավարութեան 20 Օգոստոսի նիստին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նշեց, որ դրամաշնորհի գումարը 2 միլիոն տոլար է, որուն օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել միջոցներ՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին: «Ասիկա Ասիական զարգացման դրամատան առաջին օգնութիւնը չէ մեր երկրին: Մինչ օրս ալ ստացած ենք բազմակողմանի օգնութիւն»,- յայտնեց Թորոսեան:

Դրամաշնորհի միջոցները առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի նպատակաուղղէ «Քորոնա»ի վարակի ծիրին մէջ համապատասխան բժշկական պարագաներու եւ սարքերու ձեռքբերման՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ բնակչութեան բժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկումը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 09:53