#AraratChallenge #AraratChallenge 

«Օրորա»ն առնուազն 150,000 տոլար պիտի նուիրէ Պէյրութի աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման նպատակով

#AraratChallenge արշաւը դրամահաւաք պիտի կատարէ, Լիբանանի հայ համայնքին աջակցութելու նպատակով։ Կ՛ակնկալուի այդ միջոցաւ 50,000 տոլարի աջակցութիւն եւս յատկացնել։

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեան, Վարդան Գրիգորեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ լորտ Արա Տարզի յայտարարեցին, որ Լիբանանի Կարմիր Խաչին եւ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի (NEF) միջոցով 100,000 տոլար մարդասիրական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի պայթումի անմիջական հետեւանքները մեղմացնելու համար:

Նոյն ատեն, «Օրորա»ի #AraratChallenge արշաւը 50,000 տոլար պիտի նուիրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաստատած հիմնադրամին՝ հայ համայնքի կարիքներուն համար:

Նաեւ, առնուազն երկու ամիս, #AraratChallenge արշաւը դրամահաւաք պիտի կատարէ, Լիբանանի հայ համայնքին աջակցութելու նպատակով։ Կ՛ակնկալուի այդ միջոցաւ 50,000 տոլարի աջակցութիւն եւս յատկացնել։

Քաղուած «Եռագոյն» էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2020, 09:08