Քորոնա-ի քննութեան տարրալուծարան Քորոնա-ի քննութեան տարրալուծարան 

Հայ հետազօտողներ սկսած են «Քորոնա» ժահրի հակամարմիններու կամաւոր հետազօտութեան

Կը տեղեկացուի նաեւ, որ հետազօտութեան մասնակցողները պէտք է «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական արդիւնք ունեցած ըլլան, ամբողջացնեն իրենց դիմումնագիրը, այցելեն հիւանդանոց եւ յանձնեն արեան նմոյշներ:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի համալսարանապետ Արմէն Մուրատեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը զետեղելով՝ կը տեղեկացնէ, թէ COVID Antibody ծրագիրի շրջածիրին մէջ, հայ գիտնականներ սկսած են հետազօտութիւններ կատարել: «Ամբողջ աշխարհում վերջին մի քանի ամիսների ընթացքում մեկնարկել են կորոնավիրուսի հանդէպ առաջացած հակամարմինների հետազօտութիւններ, բնականաբար ԵՊԲՀ հետազօտողները եւս միանում են գիտական այդ մարտահրաւէրին եւ սկսում են հակա-SARS-CoV2 հակամարմինների հետազօտութիւնը Covid_Antibody նախագծի շրջանակներում», գրած է Մուրատեան:

Կը տեղեկացուի նաեւ, որ հետազօտութեան մասնակցողները պէտք է «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական  արդիւնք ունեցած ըլլան, ամբողջացնեն իրենց դիմումնագիրը, այցելեն հիւանդանոց եւ յանձնեն արեան նմոյշներ:

«Մեր հետազօտողները արեան միջոցով կ՛ուսումնասիրեն մէկ անգամ վարակուելուց յետոյ հակամարմինների առաջացումն ու դրանց քանակը մարդու օրգանիզմում։ Տուեալ գործընթացը բացարձակ անվնաս է պացիենտի (հիւանդ-Խմբ.) համար։ Նպաստէք գիտութեան զարգացմանը` միաժամանակ ճանաչելով ձեր օրգանիզմի զգօնութիւնը Covid19-ի նկատմամբ: Մասնակցութիւնը կրում է կամաւորական բնոյթ», կը յայտէ Արմէն Մուրատեան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 09:18