Աղթամարի սուրբ Խաչ եկեղեցին Աղթամարի սուրբ Խաչ եկեղեցին 

Սեպտեմբեր 6-ին Աղթամար կղզիի ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի

Եռամեայ դադարէ ետք՝ 2018-ին՝ եկեղեցւոյ մէջ կրկին պատարագ տեղի ունեցաւ:

Վանի տեղական իշխանութիւնները կը պատրաստուին Սեպտեմբեր 6-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտարարած է Վանի նահանգապետ և Վան քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Մեհմեթ Էմին Պիլմեզը՝ աւելցնելով, որ այս տարի մասնակցութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ։

Պիլմեզ, նիւթին վերաբերեալ, մասնաւորապէս ըսած է․ «Աղթամար կղզին եւ Վանայ լիճը աշխարհի մշակութային ժառանգութիւններն են, որոնք ի պահ տուած են մեզի՝ վանեցիներուս։ Աղթամար կղզիին վրայ պատմական եկեղեցի կայ։ Մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած արձանագրութեան համաձայն՝ ամէն տարի, Սեպտեմբերի 2-րդ Կիրակի օրը, եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի։ Այս տարի ալ, Սեպտեմբեր 6-ին, այնտեղ համաճարակային կանոններուն պահպանումով, աւելի քիչ մասնակցութեամբ պատարագ պիտի մատուցուի։ Ատոր համար կապ հաստատած ենք պատկան մարմիններու հետ։ Մենք ալ մեր բոլոր հնարաւորութիւններով այնտեղ պատարագ կազմակերպողներուն կողքին պիտի ըլլանք։ Այս պատարագով պիտի օգնենք մեր քաղաքի հանրահռչակման ու զբօսաշրջութեան»։

Կը հաղորդուի, որ Կ․Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն պատարագը իրականացնելու համար պիտի ժամանէ 25 հոգինոց անձնակազմ։

Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սբ․ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921թթ․ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Արծրունիի հրամանով։ Եկեղեցին կառուցած է յայտնի ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ Մանուէլը (Մոնուէլ)։ 1113-1895թթ այնտեղ գործած է Աղթամարի առանձին կաթողիկոսարանը, որուն վերացումէն ետք անոր պատկանող վանքերն ու եկեղեցիները անցած էին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին։ Կղզին ու եկեղեցին լքուած է 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005 թուականին ձեռնարկած էր Վանի Գեւաշ (պատմ․ Ոստան) գաւառի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Աղթամար կղզիի Սբ․ Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները: Մօտ երկու տարի տեւած վերակառուցման նախագիծին համար ծախսուած է շուրջ 4 միլիոն լիրա: 2007-ին եկեղեցին այցելուներու համար բացուած էր իբրեւ թանգարան:

95 տարուան դադարէ ետք՝ 2010 թուականէն ի վեր՝ ամէն տարուայ Սեպտեմբերին՝ Խաչի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի: Սակայն 2015-2017 թուականներու ընթացքին՝ շրջանի քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժի միջեւ պարբերական բախումներու հետեւանքով պատկան մարմինները պատարագ իրականացնելը չէին արտօնած: Եռամեայ դադարէ ետք՝ 2018-ին՝ եկեղեցւոյ մէջ կրկին պատարագ տեղի ունեցաւ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։
    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2020, 10:00