Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։ 

Ռազմական համալսարանի տարածքին վրայ պիտի գործէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ կառուցման հիմնարկէքը կատարուած էր 2013-ին։

Օգոստոս 2-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ, հանդիսաւոր կերպով բացուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան։

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութեան ներկայ եղած են պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, համալսարանի ղեկավար կազմն ու փրոֆէսըր-դասախօսական անձնակազմը:

Եկեղեցւոյ կառուցման հիմնարկէքը կատարուած էր 2013-ին՝ ռազմական համալսարանի նախկին պետ, զօրավար-փոխգնդապետ Մարթին Կարապետեանի եւ համալսարանի անձնակազմի նախաձեռնութեամբ: Շինարարութիւնը ընդհատուած էր, սակայն, 2020-ին, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրահանգով, զօրավար-փոխգնդապետ Մարթին Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ ռազմական համալսարանի պետ, գնդապետ Խաչատուր Խաչատրեանի մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները վերսկսած են ու հասցուած աւարտին:

ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ՝ սրբալոյս միւռոնով օծուած են եկեղեցւոյ խաչը, զանգը, սուրբ սեղանն ու մկրտութեան աւազանը: ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդը օրհնանքի խօսք ըսած է եւ բարեմաղթած նորանոր ձեռքբերումներ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան սուրբ գործին։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2020, 09:22