Երեւան մայրաքաղաքն ու Լիբանանի դրօշակը Երեւան մայրաքաղաքն ու Լիբանանի դրօշակը 

Կառավարութիւնը Լիբանանէն ժամանողները ընդունելու համար փաթեթ կը պատրաստէ

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը նկատեց, որ Լիբանանէն դուրս գալու տրամադրութիւնները առկայ էին դեռ 2019 թուականէն:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստէ փաթեթ, որ կարենայ ըստ արժանուոյն ընդունիլ Լիբանանէն Հայաստան եկողները: Այս մասին՝ այսօր կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:

«Մենք պէտք է կարենանք ըստ արժանուոյն ընդունիլ անոնք, որոնք կը ցանկան գալ Հայաստան, ապրիլ այստեղ, դառնալ հասարակութեան լիիրաւ անդամներ, քաղաքացիներ, հարկ վճարողներ, զինուորներ, եւ փորձենք միասին կերտել մեր երազած Հայրենիքը»,- ըսած է Սինանեան:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ Հայաստան լիբանանահայերու նկատմամբ հայրենադարձութեան քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ, Սինանեան խնդրի այսպիսի դրուածքը այնքան ալ ճիշդ չի համարեր: Ան նշեց, որ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան պարագային պետութիւնը թելադրողի դեր ունի: Այսինքն` ան կը ստեղծէ այն իրավիճակը, որու արդիւնքով մարդիկ կ՛ուզեն վերադառնալ Հայրենիք:

«Այս պարագային իրականութեան մէջ մենք դիտորդի դերի մէջ ենք: Ժամանակի ընթացքին մեր կամքէն անկախ ստեղծուած են հանգամանքներ, որոնք յանգեցուցած են այս իրավիճակին: Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը, դրամատնային համակարգի կաթուածահար վիճակը: Այնտեղ առկայ է տարբեր երկիրներու շահերու բախում: Մարդոց մօտ լուրջ վախ կայ, որ կրնան ունենալ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող երեւոյթներ: Աւելցնենք «Քորոնա»ով պայմանաւորուած խնդիրները: Պայթիւնն ալ վերջին հարուածն էր: Արդիւնքով ունինք այն, ինչ ունինք»,- ըսած է ան։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը նկատեց, որ Լիբանանէն դուրս գալու տրամադրութիւնները առկայ էին դեռ 2019 թուականէն: Մասնաւորապէս, ան ներկայացուց 2019 թուականի վերջը տեղի ունեցած հարցախոյցին տուեալները: Հարցման մասնակցած է 521 լիբանանահայ, որոնց 58 տոկոսը նշած էր, որ մօտ ապագային պիտի լքէ Լիբանանը: Զգալի հատուածն ալ ըսած էր, որ կը մտածեն Հայաստան գալու մասին:

«Մենք որպէս պետութիւն պատասխանատւութիւն կը կրենք մեր քաղաքացիներուն համար: Դեսպանութեան տուեալներով, Լիբանանի մէջ 25 հազար ՀՀ քաղաքացի կայ, մենք պատասխանատւութիւն ունինք մեր հայրենակիցներուն համար»,- աւելցուցած է գլխաւոր յանձնակատարը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2020, 10:20