Որոնել

Արմէն Սարգսեան եւ Աուն Արմէն Սարգսեան եւ Աուն 

Արմէն Սարգսեան ցաւակցած է Լիբանանի նախագահին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին համար

«Խորապէս ցնցուած եմ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին լուրով: Այս ողբերգութիւնը խլեց բազում կեանքեր եւ դարձաւ հսկայական աւերուածութիւններու պատճառ:

«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունին:
«Խորապէս ցնցուած եմ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին լուրով: Այս ողբերգութիւնը խլեց բազում կեանքեր եւ դարձաւ հսկայական աւերուածութիւններու պատճառ:
Իմ ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեմ Ձեզի եւ եղբայրական Լիբանանի ժողովուրդին: Զոհերու հարազատներուն ու մերձաւորներուն կը մաղթեմ տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում:
Այս ծանր պահուն պատրաստակամ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու եղբայրական Լիբանանին»,ըսուած է նախագահ Սարգսեանի հեռագիրին մէջ:

Քաղուած «Գանձասար»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2020, 12:47