Նախագահը ընդունած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի վարչութեան անդամները Նախագահը ընդունած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի վարչութեան անդամները 

Նախագահը ընդունած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի վարչութեան անդամները

Նախագահ Սարգսեան. «Մեր հայրենիքը պիտի ըլլայ ամուր, կայուն եւ պատրաստ` որեւէ պահուն ընդունելու իր զաւակները »։

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան վարչութեան անդամները` վարչութեան նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին “Եռագոյն”-ը կը նեղեկանայ նախագահի պաշտօնական կայքէն։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացնելով կազմակերպութեան աշխատանքը` Բարսեղեան ըսած է, որ ստեղծման օրէն` 2012-էն, կեդրոնի գործունէութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեանն օժանդակելուն, անոնց խնդիրները համակարգելու ու աջակցութիւն կազմակերպելու վրայ: Նշելով, որ կեդրոնը այսօր իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հովանիին տակ, ան ըսած է, որ անցած 8 տարիներու ընթացքին համագործակցած են պետական կառոյցներու, մարդասիրական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ եւ այսօր իրենց պարտքը կը համարեն շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այդ կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն:

Երախտագիտութիւն յայտնելով սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստանի մէջ հաստատուած սիրիահայութեան եւ անոնց խնդիրներու նկատմամբ Հանրապետութեան նախագահին եւ նախագահական հիմնարկին՝ ուշադրութեան ու աջակցութեան համար, կեդրոնին կողմէ նախագահ Սարգսեանին յանձնուած են շնորհակալագիր եւ յուշանուէր։


Շնորհակալութիւն յայտնելով ուշադրութեան համար` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ այդ ամէնը կը համէ վերաբերմունք ոչ միայն իր` որպէս անհատի, այլեւ նախագահական հիմնարկին, կառավարութեան, ընդհանրապէս, պետական բոլոր մարմիններուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ:

Նշելով, որ հայրենադարձութիւնը եւ՛ բաղձալի, եւ՛ ուրախալի, բայց յաճախ նաեւ ցաւալի պատմական, քաղաքական, ռազմական իրադարձութիւններու արդիւնք է` նախագահ Սարգսեանն ըսել է. «Նոյնիսկ Առաջին Հանրապետութեան կարճ պատմութեան ընթացքին եղաւ հայրենադարձութիւն շարք մը երկիրներէ` հայրենադարձութիւն հայ մտաւորականութեան, որոնք հայրենիք վերադարձան, որպէսզի պետութիւն կառուցեն: Հայրենադարձութիւն եղաւ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի առաջին տարիներուն: Եւ, ի հարկէ, ամենամեծ հայրենադարձութիւնը 1946 թուականէն ետք էր, որ արդիւնք էր նաեւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքին»:

․․․Մեր Սփիւռքի առանձին հատուածներու մէջ, երբ դժուարութիւն ըլլայ, հայեացքը դէպի Հայաստանն է: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երեւոյթները եւ պատերազմը մարդկային կեանքեր խլեցին, քանդեցին ընտանիքներ եւ մարդոց տուներ, քանդեցին մարդոց կայուն ապագան․ սա ցաւալի մասն է: Իսկ ուրախալին այն է, որ սփիւռքահայերը, որոնց շարքին` սուրիահայերը, այսօր հայրենիք ունին, եւ եթէ դժուարութիւն ըլլայ այն երկրին մէջ, որ անոնց երկրորդ հայրենիքն է, միշտ տեղ ունին երթալու, ինչպէս իւրաքանչիւր զաւակ, որ միշտ դժուար պահերուն կը վերադառնայ ծնողներուն մօտ: Կը վերադառնայ իր հայրենիք` գտնելու իր ինքնութիւնը: Սա մեր վերջնական հանգրուանն է բոլոր իմաստներով:

 Ի հարկէ, ձեզի համար ալ հեշտ չէ եղած, բայց դուք հայ էք: Ես բազմաթիւ օրինակներ գիտեմ, որ ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք սուրիահայերը վերադարձած եւ հայրենիքի մէջ նորէն զերոյէն սկսած են, կառուցած են եւ՛ իրենց ընտանիքը, եւ՛ ապագան, եւ այսօր իրենց հայրենիքի մաս կը կազմեն: Հաւանաբար հայրենադարձութեան ալիքներ նորէն ըլլան եւ շատերը նորէն պիտի վերադառնան հայրենիք: Մեր խնդիրը շատ պարզ է` մեր հայրենիքը պէտք է ըլլայ ամուր, կայուն եւ պատրաստ որեւէ պահուն ընդունելու իր զաւակները: Սա ձեր տունն է: Մեր բոլորին տունն է»:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 13:14