Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

Անթիլիասի ձեռագիրներն ու հնատիպերը վերադասաւորման ընթացքի մէջ

Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի Մատենադարանի ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ յետոյ յիշեալ բաժանմունքները սկսած են վերադասաւորման աշխատանքին:

Այս ծիրէն ներս առաջնահերթ կարեւորութիւն կը տրուի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներուն:

Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնը ներկայացնող ձեռագիրներուն ու հնատիպներուն նկատմամբ, շեշտեց, թէ հետեւողական կերպով ու բծախնդիր մօտեցումով ձեռագիրներու ու հնատիպներու վերադասաւորումը շուտով իր լրումին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ իր անմիջական հսկողութեան տակ:

Քաղուած «Գանձասար»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2020, 09:30