Պէյրութի աղէտի գօտիէն առնուած լուսանկար Պէյրութի աղէտի գօտիէն առնուած լուսանկար 

«Հայաստանէն եւ Արցախէն մարդասիրական օգնութիւն Լիբանանին։

Հայաստանէն օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն Պէյրութ հասած է։

Հայաստանէն օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Պէյրութ։ Այս մասին Twitter-ի էջին վրայ գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան։«Հայաստանի կողմէ եղբայրական Լիբանանին տրամադրուելիք օգնութեան երեք խմբաքանակներէն առաջինը արդէն հասած է Պէյրութ։ Հայաստանէն Պէյրութին` ի խորոց սրտի»,- նշած է ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Արցախէն նաեւ մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւ ուղարկուած է Լիբանան: Այս մասին Facebook-ի էջին վրայ գրառում կատարեց  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։  «Օգնութիւնը ուղարկուած է Հայաստանի սրտէն եւ Արցախի ժողովուրդէն: 2 Օդանաւ արդէն ուղարկուած է Լիբանան՝ տանելով մարդասիրական առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն: Այսքանով, սակայն, մեր աջակցութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան եւ հայ համայնքին չ՝աւարտիր»,- գրած է վարչապետը եւ խաղաղութիւն մաղթած եղբայրական Լիբանանին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, իր հերթին, յայտնած է, որ «Արցախի ժողովուրդէն Լիբանանին» յատուկ չուերթով մարդասիրական օգնութիւն տանող օդանաւըը հասած է Պէյրութ: Աջակցութիւնը պարենամթերքի տեսքով է, նախաձեռնութեան հեղինակը՝ Արցախի կառավարութիւնը: «Եւ ասիկա դեռ ամէնը չէ, որովհետեւ վաղը այս թեմային շուրջ աշխատանքային նիստ պիտի հրաւիրեմ, իսկ որոշումներուն մասին ձեզի, անշուշտ, պիտի տեղեկացնեմ: Այս ծանր փորձութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին Արցախը Լիբանանի հետ է»,- իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է Յարութիւնեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2020, 09:12