Հայաստանէն  երկու թոն բժշկական նպաստ` Հալէպին Հայաստանէն երկու թոն բժշկական նպաստ` Հալէպին 

Հայաստանէն երկու թոն բժշկական նպաստ` Հալէպին

Տեղւոյն առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն անոնց ցուցաբերած օգնութեան համար։

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան համագործակցութեամբ, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցեց առաւել քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական իրեր: Այս մասին կը փոխանցեն Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:

Տեղւոյն առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները  շնորհակալութիւն յայտնեցին հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթել» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ օժանդակութեան համար:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն անոնց ցուցաբերած օգնութեան համար։

Հայաստանի մարդասիրական խումբը Սուրիոյ Օգնութեան խաչի վարչութեան համագործակցութեամբ՝ Հալէպի հայ համայնքին պատկանող «Ազգային պատսպարան» մանկատան սաներուն փոխանցեց նաեւ անհրաժեշտ իրեր եւ ուտելիք:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 07:44