Լիմ կղզիի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցի Լիմ կղզիի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցի 

Վանի բնակիչները կը պահանջեն վերականգնել Լիմ կղզիի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին

Ըստ աւանդութեան՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ 4-րդ դարուն Լիմի մէջ հիմնած է Լիմի անապատը, ուր 14-րդ դարու սկզբնաւորութեան գտնուած են Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։

Թուրքիոյ քաղաքացիները, Վանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով, իշխանութիւններէն կը պահանջեն վերականգնել Վանայ լիճի ամենամեծ՝ Լիմ կղզիի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին։ Վանի բնակիչները համոզուած են, որ Լիմը կարեւոր տեղ կը զբաղցնէ կրօնական զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն, եւ կը շեշտեն դեռ կանգուն մնացած եկեղեցւոյ կառոյցները հնարաւորինս արագ վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Աղբիւրը կը հաղորդէ նաև, որ անցեալ տարի «Ռեսմի կազեթէ» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի որոշման համաձայն՝ Վանայ լիճի 4 ամենամեծ կղզիներէն 3-ը, Լիմ կղզին ներառեալ, ընդգրկուած են բնական արգելոցի տարածքին մէջ։

Ըստ աւանդութեան՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ 4-րդ դարուն Լիմի մէջ հիմնած է Լիմի անապատը, ուր 14-րդ դարու սկզբնաւորութեան գտնուած են Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։

«Տողան» գործակալութեան թղթակիցը կը գրէ, որ 11-րդ դարուն սկսած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտած է 1305-ին։ 1766թ․ աւելցուած են ժամատունը, մատուռը եւ քահանայատունը։ Մինչեւ 1918թ․ գործած վանական համալիրը, աւելի ուշ ենթարկուած է գանձ որոնողներու աւերածութիւններուն։

Թրքական աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Լիմ կղզիին դիմաց գտնուող Եայլըքայա թաղամասի բնակիչները կը պահանջեն վանական համալիրի շինութիւններու վերականգնման եւ Լիմ կղզիի կրօնական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Եայլըքայայի աւագանիի անդամներէն Պիլալ Ֆուրաթը՝ թղթակցներու հետ զրոյցին ընթացքին՝ շեշտած է Լիմի հայկական եկեղեցւոյ նշանակութեան մասին, իսկ թաղամասի բնակիչներէն Ահմէտ Չըքլան՝ թրքական իշխանութիւններէն խնդրած է վերականգնել Լիմ կղզիի կառոյցները, զարգացնելու համար զբօսաշրջութիւնը։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 07:50