Որոնել

Հիւլէական ռումբ Հիւլէական ռումբ 

Հիրոշիմայի եւ նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծութեան 75 ամեակը

հիւլէական ռումբի պայթումին պատճառով մէկ օրուան մէջ, տարբեր գնահատականներով, զոհուած է 70-100 հազար մարդ:

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

75 տարի անցաւ երբ՝ 6 օգոստոս 1945-ին Հիրոշիմայի մէջ պայթեցաւ հիւլէական ռումբը:
Հիրոշիմայի վրայ նետուած հիւլէական ռումբի պայթումին պատճառով մէկ օրուան մէջ, տարբեր գնահատականներով, զոհուած է 70-100 հազար մարդ:

Ունկնդրէ լուրը

1949-ի վերջաւորութեան զոհերուն թիւը հասաւ շուրջ 140 հազարի, որովհետեւ ստացած վէրքերէն եւ ճառագայթահարումէն հիւանդանոցներուն մէջ մահացան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ:
Ճափոնի եւ համայն աշխարհի մէջ  ամէն տարին կը յարգուի Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծութեան զոհերու յիշատակը:

Ճափոնի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի  6էն - 15 օգոստոսին,  
տեղի կ՝ունենայ «տաս օր խաղաղութեան ի սպաս» ձեռնարկը, որուն առթիւ կը հրապարակուի  եպիսկոպոսներու պատգամը։  

Հիրշոմայի հիլէական ռմբակոծութեան 75-րդ ամեակի առթիւ, սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Հիրոմիային մայր տաճարին մէջ , նուիրուած ռմբակոծութեան եւ պատերազմներուն թիրախ զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ տեղի կ՝ունենայ աղօթք աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան։

Յիշենք թէ 23-26 նոյեմբեր 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը եղաւ «Պաշտպանել իւրաքանչիւր կեանք։

Նորին Սրբութիւնը , Հիւլէական ռումբի զոհերու նուիրուած յուշահամալիրին մէջ կոչ ըրաւ ըսելով «ոչ երբեք պատերազմ ոչ երբեք ռումբերու ահեղ ձայներ,  եւ ոչ երբեք տառապանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2020, 10:53