Երեք հայ երեսփոխաններ`Ժիրայր Րէիսեան, Լիւսի Իսկէնեան, Նորա Արիսեան: Երեք հայ երեսփոխաններ`Ժիրայր Րէիսեան, Լիւսի Իսկէնեան, Նորա Արիսեան: 

Սուրիոյ Խորհրդարանին մաս կը կազմեն երեք հայ Երեսփոխաններ

Երեքշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը պիտի յայտարարէ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը:

Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ շրջանի ընտրութիւններու Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կիրակի, 19 յուլիս 2020-ի գիշերը փակ յայտարարեց քուէարկութեան տուփերը: Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 7:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00 կարգ մը նահանգներու ընտրական որոշ կեդրոններու մէջ կրկնուեցաւ ընտրութիւնը:

Երեքշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը պիտի յայտարարէ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքը:

Ըստ նախնական տուեալներու, ընտրութիւններուն արդիւնքով Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երեք հայ երեսփոխաններ` Հալէպէն Ժիրայր Րէիսեան եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Դամասկոսէն` դոկտ. Նորա Արիսեան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2020, 07:55