Քովիտ19 համաճարակ Քովիտ19 համաճարակ 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ. Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 484-ի

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 706 նոր պարագայ, 205 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 122.682:

5 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 28.606 պարագայ, որոնցմէ 16.140-ը` ապաքինած:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 706 նոր պարագայ, 205 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 122.682:

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 484-ի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2020, 08:35