Սուրբ Սոֆիա Տաճար Սուրբ Սոֆիա Տաճար 

Կը շարունակուին Սուրբ Սոֆիայի մզկիթի վերածման դէմ քննադատութիւններ բողոքները։

Սուրբ Սիւնհոդոսի անդամները կը հրաւիրեն, որ յուլիս 24ին Հիւսիսային Ամերիկայի Օրթոտոքս եկեղցիները հնչեցնեն սուգի զանգեր, եկեղիցներու եւ եկեղեցական հաստատութիւններու դրօշները կիսով բարձրացուին եւ երեկոյեան երգուի Աստուածածնի «Աքաթիսթոս» շարականը, որ արեւելեան եկեղցիներու ամենէն հին մարեմեան շարականներէն մին է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Սոֆիայի շուրջ կատարուած բախումները կը շարունակուին։ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւո Սուրբ Սիւնհոդոսը 16-17 յուլիսին կատարած նիստին յայտնած է իր «խոր ցաւը» թուրքոյ քաղաքական գլխաւորութեան արարքին նկատմամբ։ Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու որոշումը կատարուած է առանց նկատի առնելու Օրթոտոքս Եկեղեցիներու եւ այլ զանազան դաւանանքներու կղերականներու, ինչպէս նաեւ շատ մը պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առարկութիւնները։ Վիրաւորուած են աշխարհի շուրջ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու զգացումները։ Կատարուածը կրնայ վտանգել միջկրօնական հաւասարակշռութեան թէ Թուրքոյ մէջ եւ թէ Թուրքիայէն դուրս։

Ներկայիս, երբ շատ մը շրջաններու մէջ քրիստոնեաներ կը հալածուին եւ Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթը կը շարունակուի, թրքական քաղաքականութեան որոշումը յատուկ ցաւ կը պատճառէ։ Սուրբ Սոֆիան կառուցուած է Փրկիչ Յիսուսի Քրիստոսի ի պատիւ, միլիոնաւոր քրիստոնեաներու գիտակցութեան մէջ ան կը մնայ եկեղեցի։ Օրթոտոքս եկեղեցիներու համար Սուրբ Սոֆիան ունի «յատուկ պատմական եւ հոգեւոր կարեւորութիւն»։

Մոսկուայի Սուրբ Սիւնհոդոսը յիշած է Ուքրանիայի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ բաժանումը, նկատաելով որ այդ դէպքը տկարացուցած էր Օրթոտոքս Եկեղեցիներու դիրքը, եւ յայտարարած է, թէ ներկայիս, ուր կ՚աճի քրիստոնեաներու դէմ հակառակութիւնը եւ աշխարհայնացած ընկերութիւնը ճնշում կը բանեցնէ եկեղեցւոյ վրայ, «միութիւնը աւելի անհրաժեշտ է քան երբեք։ Համագործակցութեան կոչ կ՚ուղղենք մեր Օրթոտոքս քոյր Եկեղեցիներուն՝ խաղաղութեան հոգիով եւ Քրիստոսի սիրով, փնտռելու համար ճանապարհներ՝ յաղթահարելու համար տագնապը»։

Սուրբ Սիւնհոդոսի անդամները կոչ ուղղած են թրքական իշխանութիւններուն, որ առնեն հարկաւոր քայլերը պահպանելու համար թանկարժէք խճանկարները եւ ապահովել քրիստոնեայ ուխտաւորներուն մուտքը տաճարէն ներս։

Ամերիկայի Յոյն-Օրթոտոքս Արքեպիսկոպոսութեան Սուրբ Սիւնհոդոսը, նախագահութեամբ Արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսի, կիրակի 19 յուլիսին հովուական թուղթ մը ուղղած է յոյն-օրթոտոքս հաւատացեալներուն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի բոլոր յոյն կազմակերպութիւններուն, ուր կոչ կ՚ուղղէ որ 24 յուլիսին կատարուի «սուգի եւ ցաւի օր»։ 24 յուլիսին առաջին անգամ ըլլալով Սուրբ Սոֆիայի մէջ պիտի կատարուի իսլամական աղօթք։ Հիւսիսային Ամերիկայի Մետրապոլիտները այդ միջոցառումը նակատած են «մշակութային եւ հոգեւոր հակաիրաւական բռնագրաւման ծրագիր» եւ «կրօնական ներդաշնակութեան եւ փոխադարձ յարգանքի բոլոր կանոններու վիրաւորանք»։

Սուրբ Սիւնհոդոսի անդամները կը հրաւիրեն, որ յուլիս 24ին Հիւսիսային Ամերիկայի Օրթոտոքս եկեղցիները հնչեցնեն սուգի զանգեր, եկեղիցներու եւ եկեղեցական հաստատութիւններու դրօշները կիսով բարձրացուին եւ երեկոյեան երգուի Աստուածածնի «Աքաթիսթոս» շարականը, որ արեւելեան եկեղցիներու ամենէն հին մարեմեան շարականներէն մին է։

Հովուական թուղթը կը գրէ. «Մեր սիրելի Սուրբ Սոֆիայի ապագան կը վստահինք Աստուծոյ Իմաստութեան եւ կը հայցենք Աստուածածնի բարեխօսութիւնը»։ Մետրապոլիտները կ՚ապահովցնեն, թէ պիտի շարունակեն պայքարիլ ի խնդիր Սուրբ Սոֆիայի «արդարութեան»։

Շաբաթավերջին քննադատութիւն կատարուած է նաեւ Արաբական Էմիրութիւններու կողմէ։ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարուհին, Նուրա Ալ Քաապի, շեշտած է, թէ մարդկութեան մշակութային արժէքները, ինչպէս Սուրբ Սոֆիան, պէտք է պահպանուին իրենց արժէքին եւ նպատակին մէջ։ Թոյլատրուած չէ որ անոնք «անյարմար» կերպով օգտագործուին, կամ «անհատական նպատակներու միջոց» դառնան։ Թրքական քաղաքանութեան որոշումը կը հայի ամբողջ մարդկութեան, որովհետեւ Սուրբ Սոֆիան մաս կը կազմէ ՈՒՆԵՍՔՈյի կողմէ ընդունուած համաշխարհային արժէքներու ըսած է Ալ Քաապի։

Նախարարուհին ընդգծած է թէ այստեղ ոչ միայն պատմական արժէքներու խնդիր է, այլ Սուրբ Սոֆիան «կամուրջ մըն է զանազան մարդոց միջեւ։ Սուրբ Սոֆիան կարեւոր օրինակ մըն է Ասիայի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններու եւ երկխօսութեան եւ պէտք է մնայ իբր մարդկային պատմութեան ներդաշնակ վկայութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 13:24