Առանց աշակերտներու դասարան Առանց աշակերտներու դասարան 

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի ահազանգը։ Յետ Քովիտ 19ին, ամբողջ սերունդ մը դպրոցէ զուրկ պիտի ըլլայ։

«Աշխարի մէջ աւելի քան 1,6 միլիար մանուկներ զրկուեցան դպրոցական կրթութենէն։ Գրեթէ աշխարհի աշակերտութեան 90 առ հարիւրը։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Առաջին անգամն է, որ համաշխարհային գետնի վրայ մանուկներու ամբողջ սերունդ մը ստիպուած դադրեցուցուց  դպրոցական կրթական տարեշրջանը։ Քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցառումներուն ծիրէն ներս, դպրոցներու դռները փակ մնալով,  աշխարի մէջ աւելի քան 1,6 միլիար մանուկներ զուրկ եղան դպրոցական կրթութենէն։ Գրեթէ աշխարհի աշակերտութեան 90 առ հարիւրը։»

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի հրապարակած, «փրկեցէք մեր կրթութիւնը» խորագիրով նոր տեղեկագիրին մէջ՝ հասցէագրուած պետութիւններուն եւ միջազգային ընտանիքին բարերարներուն, համապատասխանելու համար համաշխարհային կրթական տագնապին, ներդրում կատարելով կրթական հաստատութիւններուն մէջ։

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ մինչեւ 2030 թուական, համայն մանուկներուն դպրոց ապահովուելու գործընթացը արդեն վտանգի մէջ է,  ցարդ համաճարակի տագնապի հետեւանքով, մանուկներուն ամբողջ սերունդ մը դատապարտուած է յետին աղքատութեան։ Նախ քան համավարակը, աւելի քան 258 միլիոն մանուկներ ու պատանիներ արդեն իսկ զուրկ են դպրոցէ։

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է նաեւ այն երկիրներու ցանկը, ուր  անհաւասարութեան, աղքատութեան տնտեսական տագնապի պատճառով բազմաթիւ  մակուները հրաժարած են դպրոց յաճախելէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2020, 10:22