«COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» «COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը»  

800 հազար տոլար` «COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաքին:

«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը հաղորդէ, որ ամփոփած է «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւի արդիւնքները:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, միանալով COVID-19 համաճարակի դէմ մղուող պայքարին, այս տարուան Մարտ 18-էն նախաձեռնած էր «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւին, որուն ծիրէն ներս հաւաքագրուած ամբողջ գումարը ուղղուած էր առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բարձրորակ բժշկական պարագաներ ու սարքեր ձեռքբերելուն, ինչպէս նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներուն: Ծրագիրը կ՛իրականացուի ՀՀ նախագահի, Արցախի նախագահի, սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան սերտ համագործակցութեամբ:

Յուլիս 22-ի դրութեամբ հաւաքագրուած է 800. 030 ԱՄՆ տոլար, որմէ 695. 244­-ը արդէն ուղղուած է մեծաքանակ բժշկական պարագաներու ու սարքաւորումներու ձեռք բերման, շտապ օգնութեան անձնակազմին ֆինանսական աջակցութեան, Երեւանի եւ մարզերու կարիքաւոր ծերերուն ամենամսեայ սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու Հայաստան վերադարձին:

Հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ ի լրումն առողջապահական ոլորտին տրամադրուած աջակցութեան, Հիմնադրամի տեղական մարմիններու շնորհիւ մեծաքանակ բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ արդէն նուիրաբերուած են Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին: Մնացեալ գումարը եւս պիտի ուղղուի առողջապահական ոլորտի ծրագիրներու օժանդակութեան:

Հիմնադրամն իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ աշխարհի 18 երկիրներէն միացած աւելի քան 1 000 անհատ նուիրատուներուն, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն, Հիմնադրամի ողջ ցանցին եւ բոլոր գործընկերներուն` վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար:

Հիմնադրամը իր կայքին վրայ հրապարակած է նաեւ ֆինանսական հաշուետւութիւնը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2020, 07:29