Հայաստանի Նախագահ. «Խոնարհումս իրենց կեանքը հայրենիքին ու ժողովուրդին նուիրաբերած բոլոր հերոսներու յիշատակին»։
Արմէն Սարգսեան իր խոնարհումը կը յայտնէ հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ հայրենիքին համար զոհուած զինուորներու յիշատակին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խոնարհումը կը յայտնէ հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ հայրենիքին համար զոհուած զինուորներու յիշատակին: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ կը կարդանք.
«Հայրենիք, պատիւ, նուիրուածութիւն. մեր կամաւորի, զինուորի, սպայի, հրամանատարի նշանաբանը բոլոր ժամանակներուն:
Խոնարհումս իրենց կեանքը հայրենիքին ու ժողովուրդին նուիրաբերած բոլոր հերոսներու յիշատակին:
Յաւերժ փառք ձեզ` հազարապետ Գարուշ Համբարձումեան եւ քափիթեն Սօս Էլբակեան:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան»:
Քաղուած «Ազդակ»էն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
15/07/2020, 09:26