Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: 

Մոսկուան Երեւանի եւ Պաքուի հետ պիտի քննարկէ զինադադարի ամրապնդման նախաձեռնութիւններ

Զախարովայի համաձայն, ռուսական կողմը կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչ կ՛ուղղէ:

Մոսկուան Երեւանի եւ Պաքուի հետ պիտի քննարկէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին զինադադարի ամրապնդման եւ բանակցային հոլովոյթը աշխուժացնելու տարբեր նախաձեռնութիւններ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին 23 յուլիսին զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Հարցը կը քննարկենք կողմերուն հետ: Յոյս ունինք, որ միջազգային ճամբորդութիւններու սահմանափակումներու վերացումէն ետք  առիթ պիտի ստեղծուի մշակելու տագնապի լուծման հետ կապուած հարցերու  ամբողջ շրջանակը», նշած է ան:

Զախարովայի համաձայն, ռուսական կողմը կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչ կ՛ուղղէ: Ան նշած է, որ երեք պետութիւնները կը գործակցին դիւանագիտական ուղիներով եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջոցով ` լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:

Ան նշած է` զինադադարի դրութեան խախտումները սկսած են նուազիլ,  սակայն լարուածութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ:

Զախարովան նշած է նաեւ, որ Սերկէյ Լաւրովը արտակարգ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած իր հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: Այս շաբաթ ան քննարկած է իրավիճակը Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն հետ: Փոխադարձ գործակցութիւն կ՛իրականացուի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջոցով:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 09:12