Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը 

Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը յանձնեց 2019-2020 տարեշրջանի 29 աւարտականներուն հունձքը

Ի տարբերութիւն աւանդական դարձած համաժողովրդական հանդիսութեան, արարողութեան ներկայ եղան բացառապէս շրջանաւարտներու ընտանեկան մօտիկ պարագաներն ու ուսուցչական-տեսչական կազմերու անդամները, հաշուի առնելով քորոնաժահրի տարածման պայմանները:

Հինգշաբթի, 23 Յուլիս 2020-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը յանձնեց 2019-2020 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը: Ի տարբերութիւն աւանդական դարձած համաժողովրդական հանդիսութեան, արարողութեան ներկայ եղան բացառապէս շրջանաւարտներու ընտանեկան մօտիկ պարագաներն ու ուսուցչական-տեսչական կազմերու անդամները, հաշուի առնելով քորոնաժահրի տարածման պայմանները: Հանդէսը կայացաւ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ ներկայութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի օգնական Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի:

Հանդէսը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներով, որոնց յաջորդեց Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի խօսքը: Պարոն Գալուստ դիտել տուաւ, որ այս տարեշրջանը ընթացաւ քորոնաժահրի եւ ընկերային տնտեսական անբարենպաստ պայմաններու տիրապետութեան տակ, սակայն 38-ամեայ Արուեստիցը ահաւասիկ այսօր կը յանձնէ 29 շրջանաւարտներու իր հունձքը՝ լաւապէս պատրաստուած կեանքի եւ բարձրագոյն կրթութեան ասպարէզ մուտք գործելու համար: Տնօրէնը յարգանքի հաւաստիք արտայայտեց ուսանողներու ծնողներուն, որոնք բազում զոհողութիւններ յանձն առնելով եւ վստահելով հայ վարժարանին, կարելի դարձուցին այս իրագործումը: Ան նաեւ երախտիք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին, որ, յանձինս իր Հայրապետին ու հոգեւորականներուն, թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ Մեսրոպեանին, անխափան շարունակելու համար իր առաքելութիւնը: Պարոն Գալուստ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ հաւատարիմ մնան իրենց հայկական, քրիստոնէական եւ լիբանանեան պատկանելիութեան եւ բոլոր պայմաններուն մէջ բարձր պահեն Մեսրոպեանականի պատիւը: Հուսկ, ան վկայագրեր շնորհեց Արուեստիցի Պէ,Թէ. դասարանի երեք տարբեր մասնագիտութիւններուն մէջ բարձրագոյն նիշը ապահոված աշակերտներուն:

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Պարոն Ճո Թլըսմեան: Ան դիտել տուաւ, որ աւարտական այս հանդէսը հանգրուանի մը փակման, բայց միեւնոյն ժամանակ նորի մը բացման նշանակութիւնը ունի աշակերտներուն եւ ուսանողներուն համար: Պարոն Թլսըմեան կոչ ուղղեց աւարտականներուն շարունակելու կրթութեան եւ ուսման ճանապարհը, չվհատիլ դժուարութիւններու եւ հաւանական ձախողումներու առջեւ եւ կառչիլ մարդկային արժէքներուն, առանց որոնց ամէն յաջողութիւն խափուսիկ է: Ան իր խօսքը եզրափակեց ողջունելով գործընկեր ուսուցիչներու համերաշխական ոգին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին՝ կրթական գործի ղեկավարման համար:

Շրջանաւարտներու անունով խօսք առին Անիթիա Քէօսէյեան եւ Արամ Տաղլեան (հայերէն) եւ Լեթիսիա Հեքիմեան ու Մեղրի Կեմիճեան (անգլերէն): Անոնք արտայայտեցին իրենց երախտիքի ապրումները վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն հանդէպ, վստահեցնելով, որ ուսման թէ այլ ասպարէզներու մէջ պիտի ըլլան կրողները այն արժէքներուն, որոնցմով կազմաւորուեցան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Սոնա Քէշիշեան:

Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Արամ Տաղլեան (նուագ՝ տըհոլ), Գէորգ Տէմիրճեան (երգ` “Մայր ծնողին”),  Մեղրի Կեմիճեան (մենապար), Լեթիսիա Հեքիմեան (երգ՝ “Flashlight”), Լեթիսիա Հեքիմեան եւ Գէորգ Տէմիրճեան (զուգերգ՝ “Imagine”) եւ հուսկ շրջանաւատները՝ «Վերջին զանգը» երգով:

Հանդէսի աւարտին վկայականներ շնորհուեցան Պէ. Թէ. դասարանի երեք մասնագիտութիւններու՝ Հաշուապահութեան եւ համակարգչային գիտութեան, Հիւրանոցային կառավարման եւ Մանկավարժութեան 26, ինչպէս նաեւ Թէ. Էս դասարանի Մանկավարժութեան երեք աւարտականներուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 09:13