Որոնել

Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներ Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներ 

Հնդկաստան. Ոստիկաններ ձերբակալուած քրիստոնեաներու սպանութեան պատճառով։

Զոհերը կը պատկանէին հարաւային Հնդկաստանի բողոքական համայնքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հարաւային Հնդկաստանի Թամիլ Նատու նահանգին մէջ, բողոքի ցոյցերէ եւ բարձրագոյն ատեանի միջամտութենէն ետք, երկու քրիստոնեաներ սպանելու կասկածով մեղադրուած չորս ոստիկաններ ձերբակալուած են։ Թութիգորինի եպիսկոպոս Սթիվըն Անթընի Փիլլաի գնահատանքով խօսած է բարձրագոյն ատեանի տարած աշխատանքին համար, եւ յոյս յայտնած է թէ զոհերու ընտանիքներուն հանդէպ արդարութիւնը կ՚իրականացուի։

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնեայ երկու զոհերն են հայր ու զաւակ, 58 եւ 31 տարեկան, որոնք ոստիկաններու խոշտանգումներուն տակ մահացած էին յունիս ամսոյն։ Զոհերը կը պատկանէին հարաւային Հնդկաստանի բողոքական համայնքին։ Սպանութեան հետեւած էին բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր, գծելով զուգահեռներ ԱՄՆի մէջ Ճորճ Ֆլոյտի սպանման առընչուած բողոքներուն։ Ըստ Հնդկաստանի Մարդկային Իրաւունքներու Ազգային Յանձնաժողովի 2017-2018 տարիներուն ոստիկաններու խոշտանգումներուն զոհ եղած են 3100 անհատներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2020, 11:19