Արմէն Սարգսեան եւ Գարեգին Բ Արմէն Սարգսեան եւ Գարեգին Բ 

Արմէն Սարգսեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ։

Նախագահն ու վեհափառ Հայրապետը խօսած են նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրներուն, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, շաբաթավերջին, այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

Հանրապետութեան նախագահը եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձած են վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն եւ ատրպէյճանական զինուժին կողմէ խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծման: Անոնք կարեւոր ու խորհրդանշական համարած են, որ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւորականները թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի, ինչպէս մեր պատմութեան ողջ ընթացքին, այսօր ալ զօրավիգ են Հայրենիքին, անոր անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պաշտպանող մեր զինուորներու կողքին են՝ աղօթքով ու հոգեւոր խօսքով զօրացնելով եւ քաջալերելով հայրենիքի պաշտպանները:

Նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը խօսած են նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրներուն, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման մասին:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ «քորոնա» ժահր համավարակի պայմաններուն մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրներուն համար:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 13:46