Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը հանդիպած է պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ: Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը հանդիպած է պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ: 

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը հանդիպած է պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպման գլխաւոր թեման եղած է համաճարակի պայմաններուն մէջ հայկական լրատուամիջոցներուն առջեւ ծառացած նիւթական խնդիրները։

Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան միջոցով։

Հանդիպման գլխաւոր թեման եղած է համաճարակի պայմաններուն մէջ հայկական լրատուամիջոցներուն առջեւ ծառացած նիւթական խնդիրները։

Պատրիարքի նախագահութեամբ տեղի ունեցած քննարկում-հանդիպման մասնակցած են պատրիարքարանի դիւանապետ Տէր Թաթուլ ծայրագոյն վարդապետ Անուշեան, պատրիարքական փոխանորդ Տ․ Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան, «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան, «Մարմարա» թերթէն Արի Հատտելեր եւ Կարօ Համամճեան, «Փարոս» ամսագիրէն Մայտա Սարիս եւ Մկրտիչ Արծիւեան, «Լոյս» լրատուականէն Արամ Քուրան ու Շահնուր Քազանճը։

Հանդիպումը սկսած է պատրիարքի աղօթքով ու ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք Արք․ Մաշալեան տեղեկացուցած է, թէ հանդիպման գլխաւոր նպատակն է քննարկել «քորոնա» ժահր համավարակի շրջանին հայկական լրատուամիջոցներուն առջեւ ծառացած նիւթական խնդիրները։

Ներկաները հանդէս եկած են ելոյթով՝ ներկայացնելով իրենց ներկայացուցած կազմակերպութիւններուն խնդիրները։ Անոնք նշած են, որ կարիք ունին համայնքային կառոյցներու օժանդակութեան։

Աւելի քան 2 ժամ տեւած հանդիպման աւարտին՝ պատրիարքը ունեցած է ամփոփիչ ելոյթ եւ նշած, որ իրենք շատ կարեւոր կը համարեն հայալեզու մամուլի միաւորներուն գործունէութիւնը համայնքային կեանքէն ներս եւ իրենց բարոյական աջակցութիւնը կը յայտնեն անոնց։ Մաշայլան նշած է նաեւ արեւմտահայերենի պահպանութեան գործին մէջ հայատառ մամուլի ունեցած կարեւոր առաքելութեան մասին։ Ըստ պատրիարքին՝ անիկա պէտք է թափանցէ համայնքի բոլոր շերտերէն ներս։ Այս առիթով՝ պատրիարքը ներկաները յորդորած է հանդիպում ունենալ նաեւ համայնքային պաշտօնեաներու հետ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2020, 09:46