Որոնել

Քորոնա ժահրի թիրախ հիւանդ մը Քորոնա ժահրի թիրախ հիւանդ մը 

Բժշկական սարքեր ձեռք բերելու համար Ճափոն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 3.7 միլիոն տոլար

Նախագիծին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ, խթանելով երկրին առողջապահական եւ բժշկական համակարգը՝ զայն օժտելով նորագոյն բժշկական սարքերով

 Հայաստանի մօտ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատա եւ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան ստորագրեցին փաստաթուղթ մը՝ «Տնտեսական եւ ընկերային զարգացման ծրագիր»ը, Ճափոնի դրամաշնորհային աջակցութեան համար, որմով Ճափոնի կառավարութիւնը չորս հարիւր միլիոն ճափոնական եէն (շուրջ 3.7 միլիոն տոլար) պիտի տրամադրէ ճափոնական բժշկական սարքեր ձեռք բերելու համար:

Ատոմ Ջանջուղազեան տեղեկացուց, որ այս նախագիծին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ, խթանելով երկրին առողջապահական եւ բժշկական համակարգը՝ զայն օժտելով նորագոյն բժշկական սարքերով։

Դեսպան Ճուն Եամատա դիտել տուաւ, որ Ճափոն՝ իբրեւ Հայաստանի սերտ եւ բարեկամ գործընկեր, պատրաստ է աջակցելու երկրին՝ հաւասարակշռուած եւ կայուն տնտեսական աճի հասնելու համար: Անիկա պէտք է իրականացուի տարբեր հաստատութիւններու, ենթակառոյցներու կատարելագործման եւ մարդկային պաշարներու զարգացման միջոցով, մասնաւորաբար՝ բժշկական ոլորտին մէջ: Ասկէ մեկնած՝ Ճափոն կ՛աջակցի Հայաստանի առողջապահական եւ բժշկական հաստատութիւններուն թէ՛ Երեւանի եւ թէ մարզերուն մէջ։

«Այս նոր նախագիծը կը մարմնաւորէ Ճափոնի կայուն պատրաստակամութիւնը Հայաստանին սատարելու հարցին մէջ: Մեր եզակի եւ ուժեղ կապերը, որոնք երկու տարիէն կը նշեն 30-ամեակը Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք, վկայութիւն են մեր համընդհանուր արժէքներուն, ինչպէս նաեւ աւելի սերտ համագործակցելու մեր վճռականութեան՝ այս աշխարհը բոլորին համար աւելի լաւ դարձնելու համար, ըսաւ դեսպանը՝ աւելցնելով, որ այս նոր սարքերը կը նպաստեն երկրին մէջ առողջապահական եւ բժշկական հաստատութիւններու կարողութիւններու զգալի բարելաւման՝ այդպիսով աւելի շատ կեանքեր փրկելով եւ բարձրացնելով հայ ժողովուրդին կենսամակարդակը:

«Ներկայիս, երբ աշխարհը կանգնած է կորոնավիրուսի համաճարակի առջեւ, եւ մեր երկրին մէջ նոյնպէս դժուարին պայքար կ՛ընթանայ, մենք եւս մեկ անգամ երախտապարտ ենք Ճափոնի կառավարութեան՝ Հայաստանին 400 միլիոն ճափոնական իեն արժողութեամբ թանկարժէք բժշկական սարքաւորումներու ձեռքբերման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:

«Համոզուած ըլլալով, որ Ճափոնի կողմէ տրամադրուած որեւէ սարքաւորում պիտի գտնէ մեր ոլորտին մէջ ամենալաւ եւ օգտակար կիրառումը՝ ես իմ անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Ճափոնի ժողովուրդին, կառավարութեան, մեր բոլոր ճափոնական գործընկերներուն եւ ընկերներուն` իրենց բոլոր ջանքերուն համար, որոնք ուղղուած են Հայաստանին առատաձեռն աջակցութեան համաճարակի դեմ պայքարի ծիրէն ներս եւ անկէ դուրս», ըսաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ճափոնին՝ հաստատելով, որ այդ օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ նոր նուաճումներ արձանագրել։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 10:30