Որոնել

Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեակին նուիրուած՝ «Մատենադարան-Գանձասար» Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեակին նուիրուած՝ «Մատենադարան-Գանձասար»  

Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեակին նուիրուած՝ «Մատենադարան-Գանձասար» կեդրոնին մէջ բացուած է նոր ցուցադրութիւն։

«Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան և Գրականութեան հիմնարկները, Սուրբ Աթոռին և Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները, յոբելեանական այս տարեթիւը պատեհ համարելով, այսօր կ՛անդրադառնան հայ մտքի հսկաներէն մեկուն՝ Մեծն Ալիշանի թողած ժառանգութեան։

«Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ, հնատիպ գիրքերու ցուցադրութեան կից, բացուած է բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ և բանաստեղծ Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեակին նուիրուած նոր ցուցադրութիւն:

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեան ըսած է, որ ցուցադրութիւնը կը ներառէ Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գրադարանի հաւաքածոյէն՝ Ղևոնդ Ալիշանի աշխատութիւններէն 15 անուն գիրք:
«Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան և Գրականութեան հիմնարկները, Սուրբ Աթոռին և Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները, յոբելեանական այս տարեթիւը պատեհ համարելով, այսօր կ՛անդրադառնան հայ մտքի հսկաներէն մեկուն՝ Մեծն Ալիշանի թողած ժառանգութեան։ Այս տարի կը նշուի մեծ բանաստեղծի, նշանաւոր գիտնականի, վաստակաշատ աշխարհագրագէտի, բանասէրի ու թարգմանիչի ծննդեան 200-ամեակը: Հայոց Նահապետին նուիրուած ցուցադրութիւն բացուած է նաև մայր կառույցինԵրևանի Մատենադարանին մէջ»,- նշած է Թորոսեան՝ յայտնելով որ ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչև տարեվերջ: Ան տեղեկացուցած է, որ, նոր "Քորոնա" ժահրի համաճարակին պատճառով այցելուներ չկան, և կեդրոնի թանգարանային մասը առայժմ փակ է: Ցուցադրութիւնը այցելուներուն հասու պիտի դառնայ հեռուստատեսութեան, լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու ընձեռած հնարաւորութիւնները օգտագործելով: Այս պահուն թանգարաններու, ինչպէս նաեւ Մատենադարան-Գանձասարի թանգարանային մասի աշխատանքը թուային հարթակի վրայ է:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2020, 12:23