Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն 

Նաղդալեան մեկնաբանած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարին կարգավիճակը փոխելու Թուրքիոյ որոշումը։

Սուրբ Սոֆիայի տաճարը զուտ պատմական եւ մշակութային կոթող չէ: Իր պատմութեան ընթացքին անիկա ունեցած է տարբեր կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումը:

Ստորեւ` մամլոյ բանբերին մեկնաբանութիւնը.

Ունկնդրէ լուրը

«Խորապէս մտահոգ ենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայր հանդիսացող Սուրբ Սոֆիայի տաճար-թանգարանը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշումով:

Սուրբ Սոֆիայի տաճարը զուտ պատմական եւ մշակութային կոթող չէ: Իր պատմութեան ընթացքին անիկա ունեցած է տարբեր կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութիւն:

Սուրբ Սոֆիայի տաճարին թանգարանի կարգավիճակի շնորհումը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկումը կարելիութիւն տուած են զայն դարձնելու ոչ թէ քաղաքակրթութիւններու բախման, այլ համագործակցութեան եւ մարդկութեան միասնութեան խորհրդանիշ: Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վերջին որոշումը կը փակէ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի պատմութեան այդ` կարեւոր խորհրդանիշի եւ առաքելութեան էջը:

Այս որոշումը կը ստեղծէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրի բնոյթի եւ նպատակի էական փոփոխութեան վտանգաւոր նախադէպ եւ անհրաժեշտ կը դարձնէ Թուրքիոյ տարածքին նման կարգավիճակ ունեցող պատմական վայրերու պահպանման նպատակով միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշտադիտարկումը»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2020, 10:54