Որոնել

Արեան քննութիւն Արեան քննութիւն  

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ

Մէկ օրուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է վարակման 526 նոր պարագայ, 573 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 129.166:
Ունկնդրէ լուրը

9 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 30.346 պարագայ, որոնցմէ 18.000-ը` ապաքինած:

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 526 նոր պարագայ, 573 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 129.166:

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 535-ի:

Իսկ Ստեփանակերտի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած նոր պարագայ մը հաստատուած է:

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, վարակակիրը բժշկական անձնակազմի անդամ է, կապ ունեցած է «Քորոնա»-ով վարակուածի մը հետ:

Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի առողջապահական նախարարութեան համաձայն, մէկ հիւանդ ապաքինած է` անոնց ընդհանուր թիւը հասցնելով 113-ի:

Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ հաստատուած դէպքերուն թիւը 142 է: Ներկայիս մեկուսացման մէջ կը գտնուին 78 անձեր, հիւանդանոցային բուժման մէջ է 29 քաղաքացի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2020, 08:06