Քորոնա ժահրը Քորոնա ժահրը 

Աշխարհի մէջ Քորոնա ժահրով վարակման ու մահուան նոր պարագաներ։

239 հոգիէ բաղկացած միջազգային խումբ մը գիտնականներ ահազանգ հնչեցուցած են առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նշելով, որ քովիտ19-ը կարող է տարածուիլ նաեւ օդի մէջ, երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քովիտ19 համաճարակը կը շարունակէ տարածուիլ եւ խուճապի մատնել մարդկութիւնը յատկապէս որոշ երկիրներու մէջ որոնց Ղեկավարները թոյլ գտնուեցան կամ անտեսեցին համավարակին վտանգը։ Այս երկիրներու շարքին է Պրազիլը որուն  նախագահը՝ Ժէր Պոլսոնարօ, երէկ խոստովանեցաւ, քորոնա վիրուսի ախտանիշներ ունենալը եւ քննութեան ենթարկուիլը, որուն արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ այսօր։

Ունկնդրէ լուրը

Պրազիլը համաճարակէն տուժած աշխարհի երկրորդ երկիրն է, ուր ցարդ արձանագրուած են աւելի քան 65000 մահ։ Երկրին նախագահը ի սկզբանէ անտեսեց հիւանդութիւնը։ Սան Փաուլոյի մէջ հարիւր օր մասնակի փակումէն ետք, երեկ վերաբերեցուեցան սրճարանները, անձնական խնամքի ծառայութիւնները։

Միացեալ Նահանգները եւս կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ եւ վիրուսի տարածման  կանխարգիլման ծիրէն ներս Քալիֆորնիայի Լոս Անճելեսի քաղաքի լողափերը փակուած են մինչ Ֆլորիտայի Մայամի քաղաքը կրակ մար յայտարարած է։

Աւսրտալիայի մէջ կան նոր սահմանափակումներ, ուր Վիքթորիա նահանգին մէջ հռչակուած է կարմիր գօտի եւ քաղաքը մեկուսացուած է, վիրուսի տարածման կանխարգիլման համար։

Մատակասքարի եւ Քոսովոյի  մայրաքաղաքները կրին մեկուսացումի մէջ են մինչ Չինաստանի Փեքին քաղաքին  մէջ վերջին 24 ժամուան մէջ ոչ մէկ դէպք արձանագրուած է։ Եւ այս դրական նշան մըն է տրուած ըլլալով այս մէկը չէ պատահած անցեալ ամիսէն ի վեր։

Այս առռնըչութեամբ նշենք նաեւ թէ 239 հոգիէ բաղկացած միջազգային խումբ մը գիտնականներ ահազանգ հնչեցուցած են առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նշելով, որ քովիտ19-ը կարող է տարածուիլ նաեւ օդի մէջ, երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ։  Գիտնականները յանձնարարած են ներքին հասարակական տարածքներու մէջ խիստ օդափոխութիւն կատարել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2020, 09:02