ՄԱԿ-ի եւ Վատիկանի դրօշակները ՄԱԿ-ի եւ Վատիկանի դրօշակները 

Ապահովութեան խորհուրդը համաշխարհային զինադադար կը պահանջէ`«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու Համար։

Այժմ խորհուրդին եւ զինեալ պայքարներու բոլոր կողմերուն պարտաւորութիւնն է գործադրել այս որոշումը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ գլխաւոր տագնապներու, որոնց շարքին Սուրիոյ, Եմէնի, Լիպիոյ, Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի մէջ «թշնամական արարքներու անմիջական դադրեցում» պահանջեց` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ:

Ունկնդրէ լուրը

Որոշումը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթոֆ Հիւսկեն արդիւնքը կոչեց «յոյսի նշան մը բոլոր մարդոց համար, որոնք ներկայիս աշխարհի տարածքին տագնապներու գօտիներու մէջ կ՛ապրին»` աւելցնելով, որ այժմ խորհուրդին եւ զինեալ պայքարներու բոլոր կողմերուն պարտաւորութիւնն է գործադրել այս որոշումը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 11:25