Քոսովոյի մէջ եկեղեցիներ Քոսովոյի մէջ եկեղեցիներ 

«Քոսովոյի եկեղեցիները կրնան ենթարկուիլ Ս. Սոֆիայի ճակատագիրին» կը զգուշացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Սերպիոյ նախկին դեսպանը

Փաստօրէն, թրքական իշխանութիւններուն վարկածով, առանց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արտօնութեան կարելի չէ զբաղիլ վերականգնողական կամ վերանորոգման աշխատանքներով, սակայն կարելի է փոխել կառոյցին կարգավիճակը, օրինակ` թանգարանէ վերածել մզկիթի:
Ունկնդրէ լուրը

Ինքնահռչակ Քոսովոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմին մէջ ընդգրկելը կրնայ ծայրայեղ բացասական եւ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ այդ ժամանակ Փրիշթինայի իրաւասութիւնը պիտի տարածուի Քոսովոյի եւ Մեթոխիայի սերպական մշակոյթի հնագոյն յուշարձաններուն վրայ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Սերպիոյ նախկին դեսպան Տարքօ Թանասքովիչ:

Ան մատնացոյց ըրած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթ դարձնելը եւ յիշեցուցած, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ինչպէ՛ս կը մեկնաբաներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուխտին էութիւնը: Մեւլութ Չաւուշօղլուի կարծիքով, այդ միջազգային կազմակերպութեան համաձայնութիւնը կը պահանջուի միայն մշակութային ժառանգութեան կառոյցի մէջ աշխատանքներ կատարելու ընթացքին, սակայն ոչ` ատոր նշանակութիւնը սահմանելու ընթացքին, որ կ՛իրականացուի որոշումովը այն պետութեան, որուն տարածքին մէջ կը գտնուի այդ կառոյցը:

Փաստօրէն, թրքական իշխանութիւններուն վարկածով, առանց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արտօնութեան կարելի չէ զբաղիլ վերականգնողական կամ վերանորոգման աշխատանքներով, սակայն կարելի է փոխել կառոյցին կարգավիճակը, օրինակ` թանգարանէ վերածել մզկիթի:

Թանասքովիչ նշած է, որ վտանգուած սերպական մշակութային կոթողներէն միայն չորսը վանական համալիր է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ, մինչդեռ ատոնք հարիւրաւոր են:

Ըստ Փրիշթինայի պատմաբաններուն, Վիսոքի Տեչանին իբրեւ թէ «ուղղափառ ալպանացիներու վանք է, զոր միջնադարու իւրացուցած են սերպ բռնագրաւողները». Թանասքովիչ զանոնք անուանած է «մանր գործակալներ», որոնք ոչ ոքի բանով մը կրնան համոզել:

Բայց եւ այնպէս, ըստ անոր, իւրաքանչիւր նման անհեթեթութիւն պէտք է վճռականօրէն ու փաստարկուած կերպով հերքել:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2020, 10:21