Հայ Ազրպէճեանի սահմանը Հայ Ազրպէճեանի սահմանը 

Թշնամին դարձեալ յարձակում գործեց եւ կորուստներով ետ մղուեցաւ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ, ըստ նախնական տուեալներու, թշնամին, բացի զգալի կորուստներէ, ունի նաեւ ծուղակը մնացած զինուորներ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 10:30ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ թշնամիի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումը ձեռնարկեց յարձակումի:

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին կը գրէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ, ըստ նախնական տուեալներու, թշնամին, բացի զգալի կորուստներէ, ունի նաեւ  ծուղակը մնացած զինուորներ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի։

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կ՛անդրառնայ նաեւ Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան, որ գրած է հետեւեալը. «Քիչ առաջ հակառակորդը կրկին յարձակում է ձեռնարկել «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ ու կորուստներով յետ է շպրտուել։ Ալիեւի «Սպեցնազը» մնացել է ծուղակում»։

Մինչ այդ, 21 Յուլիսին ,Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը արձակազէն հրացաններէ կրակեցին` փորձելով թիրախ դարձնել Հայաստանի զինուորական ծառայողները։

«Ադրբեջանի զինուած ուժերը հետեւանքների մասին նախազգուշացուել են համապատասխան կապի միջոցներով», կը գրէ Ստեփանեան՝ աւելցնելով, որ օրուան ընթացքին սահմանին վրայ պահպանուած է յարաբերական անդորր:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2020, 08:38