ԵԱՀԿ-ի Մինսկի գրասենեակ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի գրասենեակ 

Համանախագահները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցելու պատրաստակամութիւնը

Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ, համաձայն առկայ տեղեկատուութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին իրավիճակը յուլիս 15-ի կանուխ առաւօտէն կը մնայ համեմատաբար հանգիստ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հանդիպումէն ետք համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնդրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդէս եկան յայտարարութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ, համաձայն առկայ տեղեկատուութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի  սահմանին իրավիճակը յուլիս 15-ի կանուխ առաւօտէն կը մնայ համեմատաբար հանգիստ:

«Համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը  կ՛ողջունեն ռազմական գործողութիւններու նուազումը եւ կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն` ամէն ջանք գործադրելու եւ շարունակելու լարուածութեան մեղմացումը:

«Համանախագահները նաեւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` ձեռնպահ մնալու բորբոքեցնող հռետորաբանութենէն եւ իրավիճակը տեղւոյն վրայ փոխելու փորձերէ: Համանախագահները կը շարունակեն շեշտը դնել խաղաղութեան գործընթացի վերականգնման նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան վրայ:

«Անոնք կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հաստատումը` կայացնելու բանակցութիւններ ղարաբաղեան տագնապի կարեւորագոյն հայեացքներուն ուղղութեամբ որքան կարելի է շուտ եւ կարեւոր նկատելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն այցելութիւնը տարածաշրջան, երբ իրավիճակը արտօնէ»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2020, 08:59