Արցախը օգնութիւն պիտի ուղարկէ ԱՄՆ-ին COVID-19-ի դէմ պայքարի համար: Արցախը օգնութիւն պիտի ուղարկէ ԱՄՆ-ին COVID-19-ի դէմ պայքարի համար: 

Արցախը օգնութիւն պիտի ուղարկէ ԱՄՆ-ին COVID-19-ի դէմ պայքարի համար:

Արցախի մէջ արտադրուած բժշկական նշանակութեան պարագաներ պիտի ուղարկուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգ՝ «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ պայքարի համար

Արցախի ժողովուրդին անունով Արցախի մէջ արտադրուած բժշկական նշանակութեան պարագաներ պիտի ուղարկուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգ՝ «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ պայքարի համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեանի Facebook-ի էջէն:

«Մեծ սիրով կը տեղեկացնեմ, որ պետական համապատասխան կառոյցներու ղեկավարներու՝ խորհրդարանի նախագահի, պետական նախարարի, ԱԳ նախարարի հետ կառուցողական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եկանք համաձայնութեան Արցախի ժողովուրդին անունով Արցախի մէջ արտադրուած բժշկական նշանակութեան պարագաներ ուղարկելու Քալիֆորնիա նահանգ՝ օգնելու ԱՄՆ բարեկամ ժողովուրդին եւ մեր հայրենակիցներուն «քորոնա» ժահր համավարակի դէմ պայքարին մէջ»,- գրած է պատգամաւորը:

Մելքումեան նշած է, որ օգնութիւնը կը կրէ խորհրդանշական բնոյթ, բայց ատով՝ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ՝ կը միանայ COVID-19 համավարակի դէմ համաշխարհային պայքարին։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2020, 08:41