Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն 

Նաղդալեան. «Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդիրի խաղաղ լուծման դիրքէն»

Վերջերս Ազրպէյճան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս գալ: Եթէ բանակցութիւններէն դուրս գալու սպառնալիքը այս շարքէն է, ապա ատիկա մեզ չի զարմացներ եւ չի տպաւորեր:

Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդիրի խաղաղ լուծման դիրքէն: Այս մասին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան` «Ինթըրֆաքս»-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ազրպէյճանի ղեկավարութեան վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները խաղաղ հոլովոյթին վերաբերեալ:

«Ղարաբաղեան տագնապը ունի երեք կողմ, որոնք զինադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Նախապէս Ազրպէյճան բանակցութիւններ կը վարէր ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Այնուհետեւ Ազրպէյճանը հրաժարեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններէ: Եթէ այժմ Ազրպէյճանը կը հրաժարի բանակցութիւններ վարելէ Հայաստանի հետ, ապա պարզ չէ, թէ որո՛ւն հետ այդ երկիրը պիտի խօսի ղարաբաղեան տագնապին շուրջ: Ազրպէյճանը մտադի՞ր է վերսկսելու բանակցութիւնները ղարաբաղեան կողմին հետ, թէ՞ ոչ: Մենք չենք գիտեր:

Վերջերս Ազրպէյճան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս գալ: Եթէ բանակցութիւններէն դուրս գալու սպառնալիքը այս շարքէն է, ապա ատիկա մեզ չի զարմացներ եւ չի տպաւորեր:

Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդիրի խաղաղ լուծման դիրքերէն», շեշտած է Նաղդալեան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 09:10