Որոնել

Մարտակերտի մէջ Սալարկղային դամբարաններ Մարտակերտի մէջ Սալարկղային դամբարաններ 

Մարտակերտի մէջ Սալարկղային դամբարաններ յայտնաբերուած են

Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ՝ խումբ մը հնագէտներ՝ անմիջապէս այցելած են պեղավայր. դամբարանի ուսումնասիրութիւնները ընթացքի մէջ են:

Յուլիս 11-ին, պատմական միջավայրի պահպանութեան Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեան յայտնած է, որ շինարարական աշխատանքներու ժամանակ շրջկեդրոնի Րաֆֆիի փողոցին վրայ յայտնաբերուած է սալարկղային դամբարան: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ՝ խումբ մը հնագէտներ՝ անմիջապէս այցելած են պեղավայր. դամբարանի ուսումնասիրութիւնները ընթացքի մէջ են:

«Ըսեմ, որ նման վաղ քրիստոնէական սալարկղային թաղումներու Արցախի մէջ յաճախակի կը հանդիպինք: Յայտնաբերուած կմաղքը՝ մշակուելէ ետք՝ կը տեղափոխուի Մարտակերտի պատմաերկրագիտական թանգարան: Ի դէպ, այսօր  մեզի հետ կրկին կապուած է Աւետիք Աղաբեկեանը եւ տեղեկացուցած, որ նոյն   վայրին մէջ, շինարարական աշխատանքներու ժամանակ, յայտնաբերուած է եւս  երկու դամբարան: Այս պահուն շինաշխատանքները դադրեցուած են տուեալ  տարածքին մէջ. կ՝իրականացուին ուսումնասիրութիւններ»,- մասնաւորապէս ըսած է Ա. Հայրապետեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հնագիտական արշաւախումբի անդամներուն՝ անմիջական արձագանգին եւ ուսումնասիրութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի քաղաքապետին, որ անձամբ հետեւած է գործընթացին:

«Կը խնդրենք մեր քաղաքացիներուն, որ, եթէ, երբեւէ հանդիպին նման դէպքերու՝ անմիջապէս կապ ապահովեն շրջանային ծառայութիւններու պետերուն հետ»,- նշած է Արմինէ Հայրապետեան:

«Քաղուած Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2020, 14:21