Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է թշնամիին կրակոցէն զոհուած Քափիթան Սօս Էլբակեանի ընտանիքին Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է թշնամիին կրակոցէն զոհուած Քափիթան Սօս Էլբակեանի ընտանիքին 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է թշնամիին կրակոցէն զոհուած Քափիթան Սօս Էլբակեանի ընտանիքին

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է քափիթան Սօս Էլբակեանի ծնողներուն` այդպիսի քաջ ու հայրենասէր զաւակ դաստիարակելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Շիրակի մարզի Մարմաշէնի մէջ բնակող Էլբակեաններու ընտանիքին: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Անոնց որդին` հայկական զինուած ուժերու քափիթան Սօս Էլբակեան, օրեր առաջ զոհուած էր հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի հիւսիսարեւելեան` Տաւուշի հատուածին մէջ` Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Նախագահ Սարգսեան իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է քափիթան Էլբակեանի ծնողներուն եւ նշած, որ անոնց որդին իր երիտասարդ կեանքը զոհաբերած է` անձնուիրաբար պաշտպանելով հայրենիքի սահմանը եւ  բոլորիս խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է քափիթան Սօս Էլբակեանի ծնողներուն` այդպիսի քաջ ու հայրենասէր զաւակ դաստիարակելու համար:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  բանբեր Շուշան Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին 23-24 յուլիս լուսցող գիշերը պահպանուած է յարաբերական անդորր:

Ան գրած է. «Թշնամին Չիվա, Խնձորուտ, Մովսէս, Պառաւաքար ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներու մէջ հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է կրակի դադրեցման դրութիւնը 4 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով 28 կրակոց»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2020, 09:12