Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհրդարանը 

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` կրակոցը դադրեցնելու եւ բանակցութիւններուն վերադառնալու

«Զինադուլի որեւէ խախտում այլեւս պէտք չէ հանդուրժենք: »

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ Ազրպէյճանին դարձեալ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու կրակոցը եւ վերադառնալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով տեղի ունեցող բանակցային հոլովոյթին:

«Զինադուլի որեւէ խախտում այլեւս պէտք չէ հանդուրժենք: Անհրաժեշտ է, որ Պաքուն պարտաւորուի կառուցողական կերպով ներգրաւուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ կատարուող բանակցային հոլովոյթին մէջ: Նոր սերունդները պէտք չէ մեծնան ատելութեան ու թշնամիի հռետորաբանութեան մթնոլորտին մէջ»,   «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քասթալտօ:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահը օրեր առաջ` 17 յուլիսին, թուիթըրեան մէկ այլ գրառումով մտահոգութիւն յայտնած էր Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ զինադադարի խախտումներու նկատմամբ` շեշտելով, որ ԵԱՀԿ-ի կողմէ առաջարկուող հսկողութեան մեքանիզմներու ներդրման անհրաժեշտութիւնը եւ միացած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու հնչեցուցած կոչին` գրգռիչ քայլերէն զերծ մնալու վերաբերեալ:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 09:30