Հայ-ատրպէյճանական սահմանէն առնուած լուսանկար Հայ-ատրպէյճանական սահմանէն առնուած լուսանկար 

Իտալական ԶԼՄ-ները՝ Հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին եւ Հռոմի Պապի ուղերձին։

Լրատուամիջոցները նաեւ անդրադարձած են Մեծամօրի աթոմակայանին ատրպէյճանական սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Անգարայի «Հայաստանը պիտի վճարէ» արտայայտութեան ու մէջբերումներ կատարած Հռոմի Պապի կիրակնօրեայ կոչէն:

Իտալական շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Հռոմի պապի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային միջադէպերուն հետ կապուած ուղերձին, խաղաղութեան կոչին: 

Ունկնդրէ լուրը

Մասնավորապէս՝ «Իլ Մեսսաճերօ»-ն, «Իլսուսսիտիարիօ» պարբերականն ու այլ ԶԼՄ-ներ մատնանշած են, որ Յուլիս 12-ին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի որոշ հատուածներու վրայ յարձակումներ նախաձեռնած է ատրպէյճանական կողմը, հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով՝ թիրախ դարձնելով հայկական բնակավայրերը, ենթակառոյցները, տուները, նոյնիսկ վնասելով Covid-ի դէմ պայքարելու համար դիմակներ արտադրող ընկերութիւնը: Յօդուածներուն մէջ կը նշուի, որ սանդղակային յարձակումը քաղաքական շարք մը պատճառներու հետեւանք է, ինչպէս, օրինակ, Ատրպէյճանի նախագահի զանգուածային քարոզչութիւնը, որ երկրէն ներս կը պայքարի համաձայնութեան աստիճանական կորուստին դէմ:

Լրատուամիջոցները նաեւ անդրադարձած են Մեծամօրի աթոմակայանին ատրպէյճանական սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ Անգարայի «Հայաստանը պիտի վճարէ» արտայայտութեան ու մէջբերումներ կատարած Հռոմի Պապի կիրակնօրեայ կոչէն:

Նշենք, որ Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը, Յուլիս 19-ին, Ս․ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած կիրակնօրեայ Angelus-ի ընթացքին վերահաստատած է համաշխարհային զինադադարի մասին իր կոչը եւ մտահոգութիւն յայտնած կովկասեան տարածաշրջանին մէջ վերսկսած զինադադարի խախտումներուն վերաբերեալ եւ միջազգային հանրութեան միջնորդելու կոչ ըրած: Իր խօսքին մէջ, Հռոմի Պապը մասնաւորապէս ըսած է. «Առանձնայատուկ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ անցնող օրերուն ընթացքին Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուած բախումներու սրացման։ Իմ աղօթքներս կ՝ուղղեմ զոհվածներու ընտանիքներուն եւ յոյսով եմ, որ միջազգային հանրութեան յանձնառութեամբ եւ կողմերու միջեւ բարի կամքի ու երկխօսութեան միջոցով հնարաւոր պիտի ըլլայ գալ երկարատեւ խաղաղ լուծման»:

Աղբիւր՝ Վատիկանի մօտ Սուրբ Աթոռի դեսպանատունը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 13:53