Սրբուհի Սոֆիա տաճարը Սրբուհի Սոֆիա տաճարը 

Աւելի քան 300 գիտնականներ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղեն` Ս. Սոֆիան մզկիթի չվերածելու։

իտնականներուն, հիմնական հարցը այն չէ, թէ արդեօք Այա Սոֆիան պէ՞տք է թանգարան ըլլայ, թէ՞ մզկիթ, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լաւագոյնս հոգ տանիլ Այա Սոֆիային:

«Կրիք Սիթի Թայմզ» կայքը կը հաղորդէ, որ աշխարհի աւելի քան երեք հարիւր գիտնականներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը` թանգարանէն մզկիթի վերածելու մտադրութեան նկատմամբ:

Բիւզանդական եւ օսմանեան արուեստի եւ մշակոյթի գիտնականները իրենց բաց նամակին մէջ յայտնած են, որ չեն գրեր ի նշան բողոքի այն գործողութիւններուն դէմ, որոնք տակաւին չեն իրականացուած, այլ պարզապէս, որպէսզի «բացատրենք այն մտավախութիւնը, որ մենք կը կիսենք` հիմնուելով մեզի ներկայիս հասանելի տեղեկատուութեան վրայ»:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ ըստ գիտնականներուն, հիմնական հարցը այն չէ, թէ արդեօք Այա Սոֆիան պէ՞տք է թանգարան ըլլայ, թէ՞ մզկիթ, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լաւագոյնս հոգ տանիլ Այա Սոֆիային:

Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածելու թրքական մտադրութեան նկատմամբ եւ Ս. Սոֆիան նկատեց «քրիստոնէական ժառանգութեան մեծագոյն յուշակոթողներէն մէկը»:

Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ս. Սոֆիային նկատմամբ որեւէ սպառնալիք սպառնալիք է ամբողջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան, ուստի եւ մեր հոգեւոր ու պատմական արժէքներուն դէմ»:

«Ս. Սոֆիան իւրաքանչիւր ուղղափառ ռուսի համար մինչեւ այսօր քրիստոնէական մեծ ուխտատեղի է», ըսաւ ան` թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով զգուշանալու, որովհետեւ պատմական կառոյցին ներկայ կարգավիճակին որեւէ փոփոխութիւն ռուս ժողովուրդին «մեծ ցաւ» պիտի պատճառէ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ պատմական վայրին ապագայ կարգավիճակի հարցը թրքական ներքին հարց մըն է: Ան նոյն ատեն յոյս յայտնեց, որ նկատի կ՛առնուի Ս. Սոֆիայի իբրեւ միջազգային ժառանգութեան վայր կարգավիճակը` աւելցնելով, որ տաճարը իւրայատուկ էր եւ ռուսերուն համար շատ կարեւոր «հոգեւոր սուրբ արժէք» մը ունի:

«Անշուշտ, կը յուսանք, որ մեր թուրք պաշտօնակիցներն ու ընկերները այդ բոլորը նկատի կ՛ունենան», աւելցուց Փեսքով:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 12:21