Հայր Ղևոնդ Ալիշան Հայր Ղևոնդ Ալիշան 

Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեակին առթիւ պիտի ստեղծուին մանկական շարժանկարներ:

Հայրենաճանաչողութիւնը այն է, ինչով Ալիշան զբաղած է Վենետիկի մէջ: Ան երբեք չէ եղած Հայաստան, սակայն գրած է Հայաստանի մասին, անդրադարձած իր հայրենիքին գաւառ առ գաւառ: Ալիշան բացառիկ գիտնական էր, որ մեզի հսկայական տեղեկատւութիւն փոխանցած է մեր երկրին մասին»,-
Ունկնդրէ լուրը

Բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ Ղևոնդ Ալիշանի 200-ամեայ յոբելեանին առթիւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարմնամարզութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ պիտի ստեղծուին երեք մանկական շարժանկարներ: Անոնք պիտի պատմեն Հայաստանի մասին՝ կրելով հայրենաճանաչողական բնոյթ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատուրեան ըսած է, որ Ալիշանի 200-ամեակը նախարարութիւնը պիտի նշէր տարբեր ծրագիրներով, սակայն համաճարակի պատճառով շարք մը նախաձեռնութիւններ խափանուեցան:
«Կը ցանկանանք Ալիշանի կերպարը ճանաչելի դարձնել երեխաներուն, դեռահասներուն: Այդ նպատակով մեր դրամաշնորհային ծրագիրներով գումար յատկացուցած են քանի մը կազմակերպութիւններու, որոնք սկսած են աշխատելու հայրենաճանաչողութեան մանկական շարժանկարի ստեղծման վրայ: Հայրենաճանաչողութիւնը այն է, ինչով Ալիշան զբաղած է Վենետիկի մէջ: Ան երբեք չէ եղած Հայաստան, սակայն գրած է Հայաստանի մասին, անդրադարձած իր հայրենիքին գաւառ առ գաւառ: Ալիշան բացառիկ գիտնական էր, որ մեզի հսկայական տեղեկատւութիւն փոխանցած է մեր երկրին մասին»,- պատմեց Խաչատուրեան:
Ըստ փոխնախարարին՝ մեր պարտքն է Ալիշանի յոբելեանին առիթով մեր հայրենիքի մասին ճանաչողական փոքրիկ պատմութիւններ պատրաստել հասկնալի լեզուով, որոնք ընկալելի ըլլան տարբեր տարիքային խումբերու համար:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2020, 08:52