Հայկական 17 գերեզմանատուներ գրանցուած են Իրանի ազգային յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Հայկական 17 գերեզմանատուներ գրանցուած են Իրանի ազգային յուշարձաններու ցանկին մէջ։ 

Հայկական 17 գերեզմանատուներ գրանցուած են Իրանի ազգային յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Մեհրդադ Ջաւադին, մասնաւորապէս, շեշտադրած է Չհարմահալ եւ Բախտիարիում գտնուող հայկական գերեզմանատուներու պատշաճ պահպանման, այդ տարածքներու կանաչապատման, լուսաւորութեան ապահովման, ճանապարհներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան խնդիրները:

Իրանի Չհարմահալ եւ Բախտիարի նահանգին մէջ գնտուող, երբեմնի հայահոծ Չհարմահալ գաւառի 17 գիւղերու հայկական գերեզմանատուներ ներառուած են Իրանի ազգային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը՝ վկայակոչելով նահանգի Մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերով ղեկավար Մեհրդադ Ջաւադին կողմէ IRIBNEWS.IR-ին փոխանցուած տեղեկութիւնը։

Ընդգծելով երկրի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան հարցերը՝ Մեհրդադ Ջաւադին, մասնաւորապէս, շեշտադրած է Չհարմահալ եւ Բախտիարիում գտնուող հայկական գերեզմանատուներու պատշաճ պահպանման, այդ տարածքներու կանաչապատման, լուսաւորութեան ապահովման, ճանապարհներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան խնդիրները:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2020, 08:00