Երեւան Երեւան 

«Երեւանը Խաչատրեան կը լսէ». Մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ պիտի հնչեն Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները

Յունիս 6-ին, Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրն է։
Ունկնդրէ լուրը

Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրուան առիթով՝ Յունիս 6-ին, Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ, քաղաքացիներուն կը սպասուին անակնկալներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armradio.am-էն։

Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը, համագործակցելով այս ոլորտին մէջ փորձառութիւն ունեցող «ԱՐԼՈՒՊԱ» կազմակերպութեան հետ, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ներդրմամբ իրականացուցած է տարբեր ծրագիրներ՝ թանգարանին մէջ եւ թանգարանէն դուրս:

Այս անգամ տուն-թանգարանը եւ «ԱՐԼՈՒՊԱ» ընկերութիւնը Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրը՝ Յունիս 6-ին, պիտի ներկայացնեն երաժշտահանի տասը ստեղծագործութիւն ունկնդրելու հնարաւորութիւն: Բջիջայինի վրայ ներբեռնելով Arloopa անվճար յաւելուածը եւ գտնուելով յաւելուածի քարտէզին մէջ նշուած վայրը (օրինակ՝ Հիւսիսային պողոտայ, Հանրապետութեան հրապարակ, Ա. Խաչատրեանի յուշարձան, Ա. Խաչատրեան փողոց եւ այլն)` կրնաք վայելել երաժշտահանի անմահ ստեղծագործութիւնները:

Իւրաքանչիւր նշուած կէտի վրայ պիտի հնչէ մէկ ստեղծագործութիւն: Յաւելուածը հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ նաեւ նկարել տեսանիւթ եւ զայն տեղադրել ընկերային ցանցերու մէջ:

«Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 11:10