Նախագահ Սարգսեանը աշխատանքային քննարկում կատարեց առողջապահութեան մարզի մասնագէտներուն հետ Նախագահ Սարգսեանը աշխատանքային քննարկում կատարեց առողջապահութեան մարզի մասնագէտներուն հետ 

Նախագահ Սարգսեանը աշխատանքային քննարկում կատարեց առողջապահութեան մարզի մասնագէտներուն հետ

Հանդիպման նպատակն էր քննարկել երեք հիմնական հարց` համավարակին հետ կապուած ներկայ իրավիճակը եւ յառաջիկայ կատարուելիքները, առողջապահական համակարգի կառավարման առնչուած խնդիրները, եւ թէ Հանրապետութեան նախագահն ու նախագահական կառոյցը ինչո՛վ կրնան աջակցիլ այդ խնդիրներու լուծման եւ համավարակի յաղթահարման:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ի համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակը, անոր կանխարգիլման ու յաղթահարման գծով ձեռնարկուող քայլերը, ինչպէս նաեւ առկայ կարելիութիւնները, այդ պարունակին մէջ առողջապահական համակարգի խնդիրները քննարկելու նպատակով նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 յունիսին նախաձեռնեց աշխատանքային քննարկումի, որուն մասնակցեցան առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, «Արաբկիր» բժշկական կեդրոնի գիտական ղեկավար, առողջապահութեան նախկին նախարար Արա Բաբլոյեանը, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար, առողջապահութեան նախկին նախարար Արմէն Մուրատեանը, «Նորք ինֆեկցիոն կենտրոն»-ի տնօրէն Մհեր Դաւիթեանցը, առողջապահութեան նախարարութեան «Հիւանդութիւնների վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կենտրոն»-ի տնօրէն Արտաւազդ Վանեանը, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի կրծքային վիրաբուժութեան բաժանմունքի վարիչ Յովհաննէս Սարկաւագեանը, «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Ասատուր Ասատրեանն ու նոյն կեդրոնի սրտային վիրաբուժութեան բաժանմունքի ղեկավար Միհիր Սուսանին:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հանդիպման նպատակն է առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատու ներկայացուցիչներուն, յայտնի մասնագէտներուն հետ քննարկել երեք հիմնական հարց` համավարակին հետ կապուած ներկայ իրավիճակը եւ յառաջիկայ կատարուելիքները, առողջապահական համակարգի կառավարման առնչուած խնդիրները, եւ թէ Հանրապետութեան նախագահն ու նախագահական կառոյցը ինչո՛վ կրնան աջակցիլ այդ խնդիրներու լուծման եւ համավարակի յաղթահարման:

Անդրադառնալով համավարակային վիճակին` նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս նշեց, որ տիրող կացութիւնը բարդ է, իսկ իւրաքանչիւր փորձառու մասնագէտի կարծիք կարեւոր է ճիշդ որոշումներ տալու եւ լուծումներ գտնելու առումով: Ըստ անոր, երկիրը այս պահուն կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ, եւ նախագահը իր սահմանադրական իրաւունքներէն ալ պէտք է դուրս գայ ու գործէ նաեւ իբրեւ մէկը, որ կրնայ աջակցիլ եւ օգնել` մանաւանդ իր միջազգային կապերով եւ կարելիութիւններով, բայց եւ այնպէս ինք պէտք է նախ գիտնայ, ճշդէ, թէ երկիրը ինչի՞ կարիք ունի, որպէսզի ատոր համաձայն դիմէ:

Ան շատ կարեւոր նկատեց ռազմավարութիւնը, որմէ պիտի բխի յստակ ծրագիր, իսկ ծրագիրէն` աշխատանքային ծրագիրներ առանձին միաւորներու համար, էական նկատուեցաւ նաեւ կառավարումը. «Կառավարումը պէտք է ըլլայ ճիշդ, ժամանակին` ռազմավարական ծրագիրին համապատասխան եւ բարձր կարգապահութեամբ` ներգրաւելով բոլոր կարելիութիւնները»:

Հանրապետութեան նախագահը նպատակայարմար նկատեց, որ 21 յունիսին` «Բուժաշխատողի օրուան» առիթով բժիշկներն ու բժշկական մարզին մէջ աշխատողները արժանանան պետական բարձր պարգեւներու: Նախագահ Սարգսեան առողջապահութեան նախարարին առաջարկեց այդ հարցը բարձրացնել կառավարութեան նիստին

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2020, 08:03