Նախագահ Յարութիւնեան ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը։ Նախագահ Յարութիւնեան ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը։ 

Արցախի կառավարութիւնը պիտի աջակցի Լիբանանահայութեան. նախագահ Յարութիւնեան ընդունեց Կարօ Քեպապճեանը։

Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին վերաբերող զարգացումներուն եւ մտահոգ են լիբանանահայութեան կացութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս
29-ին ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, կը տեղեկացնէ “Ապաևաժ”-ը:

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահը նշեց, որ Արցախի մէջ ուշադրութեամբ կը հետեւին Լիբանանի ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակին վերաբերող զարգացումներուն եւ մտահոգ են լիբանանահայութեան կացութեամբ: Ըստ Հանրապետութեան նախագահին՝ հակառակ անոր որ տնտեսական հարցերը չէ շրջանցած նաեւ Արցախը, սակայն Արցախի կառավարութիւնը իր համազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կը քննարկէ իր ունեցած սուղ միջոցներէն լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցուցաբերուելիք աջակցութեան ծաւալը:

Կարօ Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արայիկ Յարութիւնեանին՝ ջերմ ընդունելութեան եւ ցուցաբերուող աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ ասիկա փաստացի ապացոյցն է այն իրողութեան, որ աշխարհի տարածքին սփռուած հայութեան համար հայրենիքը բոլորին յուսալի վայրն է:

Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Արցախի նախագահի՝ Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան:

«Քաղուած Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2020, 08:08